2009-02-13 13:23:15

Պօղոսեան Յոբելեան տարին` Բ. Մտածական (Հռոմայեցւոց 1, 2-7)


Պօղոսեան Յոբելեան տարին` Բ. Մտածական (Հռոմայեցւոց 1, 2-7)



    Աստուած Ս. Գրքին եւ մարգարէներուն բերնով խոստացած էր այս աւետարանը իր Որդիին մասին


Մարգարէներն արդէն կը կանխագուշակէին այս բարի լուրը որ պիտի յայտնուէր բոլոր աշխարհին։

Աստուած խոստում մը ըրած էր մեղքի մէջ ինկած մարդկութեան. Այդ խոստումը վերանորոգուեցաւ մարգարէներու բերնով դարերու ընթացքին։

Խոստացուած Մեսիան պարզապէս իր իսկ Որդին էր, որ պիտի գար փրկելու մարդկութիւնը եւ զայն ազատելու իր մեղքերէն։



    Որդին ծնած է ըստ մարմնի` Դաւթի սերունդէն, սահմանուած է Աստուծոյ Որդի, եւ զօրութեամբ` ըստ սրբութեան Հոգիին։


Անտեսանելին Աստուած կ՛առնէ տեսանելի մարմին եւ կը մտնէ մարդկային ընտանիքի մը մէջ, Դաւիթ մարգարէի սերունդին մէջ։

Անսահման ու անժամանակն Աստուած կու գայ սահմանուելու ժամանակին մէջ, ծնանելով այս աշխարհի վրայ, որպէս մանուկ մը։

Սակայն Հոգւոյն զօրութիւնը անոր մէջն է թէեւ արտաքինով ան որեւէ տարբե-րութիւն մը ցոյց չի տար միւս բոլոր մանուկներէն։



    Իր յարութեամբ մեռելներէն` Յիսուս Քրիստոս, մեր Տէրը։


Յիսուս` իր յարութեամբը փաստեց թէ ինք իսկապէս Աստուած է, ուստի եւ տէր է ամէնուն եւ ամէն բանի որ ստեղծուած է աշխարհի վրայ։

Պօղոսի համար` Յիսուսի յարութիւնը բանալին է բոլոր խորհուրդներուն հասկացողութեան. Անով է որ կը ճանչնանք Քրիստոսի ուժը։



    Որով մենք ստացանք շնորհք եւ առաքելութիւն, քարոզելու ի պատիւ անոր անունին` հաւատքով հնազանդութիւն բոլոր հեթանոսներուն, որոնցմէ էք դուք, քանի որ կանչուեցաք Յիսուս Քրիստոսէն։


Քարոզութիւնը շնորհք մըն է տրուած Քրիստոսի կողմէ, միեւնոյն ատեն նաեւ մաս կը կազմէ մեր առաքելութեան. Ճշմարիտ առաքեալը չի կրնար չքարոզել։

Քարոզութեան նիւթը միշտ Քրիստոսի անունին փառքն ու պատիւն է։

Քարոզութեան պատասխանը` լսողին հաւատքն է. Իսկ հաւատքը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ հնազանդութիւն Աստուծոյ պատգամին. Ըսել ամէն Տիրոջ ուսուցածին։

Հեթանոսները այլեւս դուրս չեն մնար փրկութեան խորհուրդէն այլ մաս կը կազմեն փրկուողներուն, որովհետեւ Քրիստոս է որ զիրենք կը կանչէ մասնակից դառնալու փրկութեան։



    Աստուծոյ բոլոր սիրեցեալներուն որ են Հռոմ, կոչումով սուրբերուն, ձեզի շնորհք եւ խաղաղութիւն Աստուծոյ` մեր Հօր եւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ։


Այն որ կոչուած է Աստուծոյ կողմէ, սուրբ է, որով Աստուծոյ կողմէ սիրուած է։

Շնորհքն ու խաղաղութիւնը պարգեւներն են այս սրբութեան կոչումին, որոնք կու գան բոլորին վրայ Հօր եւ Որդիին միջոցաւ։







All the contents on this site are copyrighted ©.